Գերմանական Հոֆընհայմ խումբը դադրեցուց իր համագործակցութիւնը խումբի գլխաւոր մարզիչ Սեպասթիան Հէօնեսի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
40 տարեկան մասնագէտը Հոֆընհայմը գլխաւորեց 2020-ին:
Անոր հետ խումբը իր կատարած 81 մրցումին ընթացքին արձանագրեց 32 յաղթանակ, 19 հաւասարութիւն եւ կրեց 30 պարտութիւն:
Գերմանիոյ ֆութպոլի («Պունտըսլիկա») աւարտած ախոյեանութեան, Հոֆընհայմ 46 կէտով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքը:


