Նախորդ շաբաթավերջին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Իր կատարած չորս մրցումներուն, արձանագրելով երեք յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը, Լիբանան յաջողեցաւ ապահովել Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը:
Լիբանան, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը, որեւէ պարտութիւն չկրած եւ առաջին հանդիսացած Իրանի հետ ապահովեց իր տոմսը:
Իր կատարած վերջին մրցումին, մայրիներու կազմը 79-63 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սուրիոյ դէմ:
Նշենք, որ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբին մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Սէրուժ Աւետիսեան: