Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը ժամանակէն շուտ ապահոված Սլովան, որ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ Սերետին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, 34-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն:
Այսպիսով, իր կատարած 31 մրցումներուն ընթացքին, Սլովան ապահովեց 73 կէտ, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռուժոմպերոք, որ կատարած է 30 մրցում, իր տրամադրութեան տակ ունի 57 կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է միայն մէկ հանգրուան:


