Նախորդ շաբաթավերջին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Չելսի եւ Լիվըրփուլ:
Մրցումին 90 եւ ապա երկարաձգման 30 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ դիմուի անխուսափելիին` փենալթիներուն:
Լիվըրփուլ 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր` արձանագրելով 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ վերջին անգամ այս մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած էր 2006-ին:
Իր կազմին հետ տիտղոսակիր դառնալով` այսպիսով գերմանացի Եիւրկըն Քլոփ կրկնեց ակումբի նախկին մարզիչ եւ չորս տիտղոսներու տիրացած Ալեքս Ֆերկըսընի մրցանիշը:
Ֆերկըսըն, անցեալին յաջողած էր տիրանալ` երկրին ախոյեանութեան, Անգլիոյ բաժակին, Անգլիոյ լիկայի բաժակին եւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի տիտղոսներուն:


