Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 16 մայիսէն 1 յունիս, Իսրայէլի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, նկատի առնուած իրաւարարներուն կարգին է նաեւ հայրենի փորձառու եւ անուանի իրաւարար Հենրիկ Նալբանդեան:
Ան պիտի ըլլայ Իտալիա-Գերմանիա զտումի առաջին մրցումին չորրորդ իրաւարարը:
Ասկէ բացի, ան պիտի ըլլայ նաեւ Դանիա-Շուէտ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը, մինչ անոր առաջին օգնականը պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարար Խաչատուր Յովհաննիսեան:


