Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Եուվենթուս համաձայնութեան եկած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի հետ, որ 1 յուլիսին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
34 տարեկան ֆութպոլիստը իտալական ակումբին հետ պիտի կնքէ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը, յառաջիկայ ամրան ընթացքին փոխադարձ համաձայնութեան պարագային, այդ մէկը մէկ տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան փարիզեան կազմին հետ իր կատարած 30 մրցումին ընթացքին նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 8 էսիսթ: