Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի` «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ազդանշանը կը տրուի այսօր` չորեքշաբթի, 18 մայիսին, երբ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին:
Նշենք, որ կիսաւարտականի միւս մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութն ու Տինամոն:
Այստեղ նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը, այլ մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու նման, որոշ ժամանակով մը ընդհատուեցաւ, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատճառով: