Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ հիւրը եղաւ Անվերսին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին երրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան (66-րդ վայրկեանին):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, անիկա հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` 18-րդ եւ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով:
Անիկա այսպիսով ունեցաւ 49 կէտ եւ վեց կէտի առաւելութիւն մը մրցում մը նուազ կատարած Ռուայալ Իւնիոնի վրայ: Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած երթուդարձի մրցումները աւարտած են Ֆ. Ք. Պրիւժի յաղթանակով:
Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ֆ. Ք. Պրիւժ կը հիւրընկալէ Անտըրլեխթը:


