Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Տիրացաւ Կարէն Ասրեանի 13-րդ Յուշամրցաշարքի Տիտղոսին
Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին հասաւ Կարէն Ասրեանի ճատրակի 13-րդ միջազգային յուշամրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Իր կատարած վերջին մրցումին, Շանթ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Արթուր Դաւթեանի հետ, տիրացաւ տիտղոսին` ապահովելով 7,5 կէտ: Սարգսեան, որ մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան (6 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն), արժանացաւ նաեւ 3 միլիոն դրամ պարգեւավճարի: Արթուր Դաւթեան...




















