Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ հեռացաւ խումբէն:
34 տարեկան պրազիլցին, որ արքայական ակումբին մաս կը կազմէ 15 տարիէ ի վեր, իր կազմին հետ իր վերջին մրցումը կատարեց Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ:
15 տարուան ընթացքին ան մայրաքաղաքի կազմին հետ կատարեց 545 մրցում, նշանակեց 38 կոլ եւ կատարեց 103 էսիսթ:
Ան Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլի ակումբին պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած ֆութպոլիստն է (25 տիտղոս):


