Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումը եւս չկրցաւ վճռել Լիբանանի նոր ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքին լոյսին տակ, այժմ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւնը կը տիրապետէ աւարտականին իրարու դէմ մրցող խումբերուն միջեւ:
Արդարեւ, Մանարայի իր դաշտին վրայ, եթէ Ռիատի Պէյրութ արձանագրէր յաղթանակ մը, գերազանցէր Պէյրութին` 4-2 արդիւնքով, պիտի հռչակուէր Լիբանանի ախոյեան:
Սակայն հիւր կազմը, արձանագրելով 78-68 արդիւնքով յաղթանակ մը, արդիւնքը հաւասարեցուց 3-3-ի եւ պարտադրեց եօթներոդ եւ վճռական մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 10 յունիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Ռիատի տիրապետեց առաջին եւ երրորդ քորթըրներուն (23-16 եւ 25-18), իսկ Պէյրութ` երկրորդ եւ չորրորդ քորթըրներուն (9-20 եւ 11-24):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Պէյրութէն Սերճիօ Տարուիշ (27 կէտ), մինչ անոր խմբակից Սալեհ Մաժիրի տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (21 կէտ, 18 ռիպաունտ):
Յաղթական կազմէն երրորդ լաւագոյն կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Էլի Շամուն, որ նշանակեց 19 կէտ (ներառեալ` 5 թրի-փոյնթ):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Ամիր Սէուտ (20 կէտ):
Պէյրութէն մրցումը չկրցաւ շարունակել խմբապետ Ուաէլ Արաքժի, որ դաշտին վրայ միայն եօթը վայրկեան մրցում կատարելէ ետք վիրաւորուեցաւ:


