Անգլիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները պիտի չպատկերասփռուին Ռուսիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ «Փրեմիեր Լիկ»-ը իր ստորագրած պայմանագրութիւնը ջնջեց Անգլիոյ ախոյեանութեան մրցումները պատկերասփռող ռուսական «Մաթչ ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի ընկերութեան հետ:
Բնականաբար, այս որոշումին պատճառը ռուսական զինուած ուժերուն ներխուժումն է Ուքրանիա, որ 24 փետրուարէն ի վեր ցարդ չէ դադրած:
Պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2028:
Ռուսական կողմը պէտք էր վճարէր 50 միլիոն եւրօ:


