Լեհաստանի Լոտծ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ուքրանիա-Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ «Ազգերու Լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վերջ գտաւ ուքրանացիներուն յաղթանակով, 3-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմը իր կոլերը նշանակեց 61-րդ, 77-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն:
Այսպիսով, Ուքրանիա, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, ապահովեց առաւելագոյն վեց կէտը, մինչ հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, իր տրամադրութեան տակ ունի միայն երեք կէտ:
Երեքշաբթի, 14 յունիսին, Հայաստան Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Սկովտիան, որմէ երթին կրած էր 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: