«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 2-րդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն գծով կատարուած Սկովտիա-Հայաստան հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ «Հեմփթըն-Փարք»-ի դաշտին մէջ, աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Հիւրընկալ կազմը մրցումին առաջին տասը վայրկեաններուն ստեղծեց կոլ նշանակելու երեք ստոյգ առիթներ, որոնցմէ երկուքը փրկեց բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ, մինչ երրորդը զսպուեցաւ ուղղահայեաց սիւնին կողմէ:
28-րդ վայրկեանին Սելթիքին մաս կազմող Թոնի Ռալսթըն նշանակեց առաջին կոլը, մինչ Սքոթ Մաքքեթա (Նոթինկհամ Ֆորեսթ) 40-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Ա. կիսախաղի դադարին, Հայաստանի սպանացի մարզիչ Խոաքին Քափարոս թէեւ կատարեց երեք փոփոխութիւն, սակայն արդիւնքէն բան չփոխուեցաւ:
Արդիւնքը նոյնիսկ կրնար 3-0 ըլլալ, սակայն բարեբախտաբար սկովտիացիներուն մէկ հարուածը անգամ մը եւս զսպուեցաւ հայրենի բերդին ուղղահայեաց սիւնին կողմէ:
Սկովտիա, որ կատարեց զտումի իր առաջին մրցումը, ապահովեց առաւելագոյն երեք կէտը, մինչ Հայաստան, որ առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, այժմ երկու մրցումէ ունի երեք կէտ:
Շաբաթ, 11 յունիսին, Հայաստան կը կատարէ իր երրորդ մրցումը, երբ Լեհաստանի մէջ կը ճակատի Ուքրանիոյ դէմ:


