Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 21 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր փոխանցման համար Սիթի անոր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին վճարեց 75 միլիոն եւրօ:
Անոր շաբաթական աշխատավարձը պիտի կազմէ 500 հազար սթերլինկ (տարեկան` 34 միլիոն ամերիկեան տոլար), ինչ որ կը նշանակէ, որ ան Անգլիոյ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը պիտի ըլլայ:
Հաալանտ, որ յունուար 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ Տորթմունտին, 89 մրցումի ընթացքին նշանակեց 89 կոլ եւ կատարեց 23 էսիսթ: