Շաբաթ, 11 յունիսին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան իրարու դէմ մրցեցան երկրին ամէնէն շատ համակիր ունեցող խումբերը` Նըժմէ եւ Անսար:
Մրցումը վերջ գտաւ Նըժմէի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին 38-րդ վայրկեանին, Նըժմէ բացաւ անոր հաշիւը` շնորհիւ Ալի Ալաէտտինի:
61-րդ վայրկեանին Իսաքա Տիարա նշանակեց Անսարի հաւասարութեան կոլը:
Մրցումին 83-րդ վայրկեանին սակայն, Մոհամետ Ղատտար նշանակեց Նըժմէի երկրորդ կոլը:
Այսպիսով, Նըժմէ 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին:
Նշենք, որ օրուան երեք իրաւարարները եղան Քաթարէն, մինչ մրցումին հսկողն էր Համբիկ Միսաքեան:
Աւարտին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար տիտղոսը յանձնեց յաղթական կազմին: