Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի եօթներորդ եւ վերջին ճակատումը` Պէյրութի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ:
Ինչպէս ծանօթ է, նախքան այս վճռորոշ մրցումը, երկու կազմերուն միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանար 3-3 հաւասարութեամբ:
Արձանագրելով 79-62 (19-20, 20-9, 20-15 եւ 20-18) արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը եւ կիրարկելով բացառիկ խաղարկութիւն, Պէյրութ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Յաղթական կազմէն բաւական լաւ ներկայացում ունեցան Ժերար Հատիտեան (28 կէտ, 13 ռիպաունտ), Սալեհ Մաժըրի (10 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եւ Էլի Շամուն (20 կէտ):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը (27) նշանակեց Էլմետին Քիքանովիչ:
Մրցումին աւարտին յաղթական կազմի խմբապետ Ռոտրիկ Աքըլ ախոյեանութեան տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիէն` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն:


