«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ (3-րդ հանգրուան), այսօր` շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ Ուքրանիա-Հայաստան մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Լեհաստանի մէջ գտնուող «Սթատիոն-ԷԼ. ՔԷՅ. ԷՍ.» մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Տանիել Սթեֆանսքի (Լեհաստան):
Հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ Ուքրանիա իր կատարած միակ մրցումին արձանագրած է 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Իրլանտայի դէմ:


