Այսօր` երեքշաբթի, 14 յունիսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սկովտիա դարձի մրցումը:
Այս ճակատումը կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. խմբակի Ա. խմբակին 4-րդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ նախորդ 8 յունիսին, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սկովտիոյ յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ զտումի մրցումներուն աւարտին, իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբը կը բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ խմբակին վերջին դիրքը գրաւողը կը փոխադրուի Գ. դասակարգ:
Օրուան չորս իրաւարարները պիտի ըլլան Մոնթենեկրոյէն:


