Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, նախորդ շաբաթավերջին իր ելոյթը աւարտեց «Եւրօ-2023»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին գծով, երբ 10-րդ հանգրուանին իր կատարած վերջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուքրանիայէն:
Հայրենի կազմը 3 կէտով միայն գրաւեց խմբակին 6-րդ եւ վերջին դիրքը, մինչ Ուքրանիա, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը եւ ապահովեց 23 կէտ, իրաւունք ստացաւ մասնակցելու փլէյ օֆի մրցումներուն:
Աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը ապահովեց առաջին դիրքը գրաւած Ֆրանսա, որ ապահովեց 26 կէտ (առանց պարտութեան):


