Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ մարզիչ Զինետտին Զիտան գրեթէ համաձայնեցան իրարու հետ, որպէսզի վերջինս ստանձնէ ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, մայրաքաղաքի կազմը անոր հետ պիտի կնքէ երեք տարուան համաձայնագիր մը:
Այս առնչութեամբ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակուի այս ամսուան վերջը:
Նշենք, որ ակումբին ղեկավարութիւնը արդէն իսկ տեղեկացուց այժմու գլխաւոր մարզիչ, արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոյին, որ այլեւս պիտի չմարզէ խումբը:
Փոքեթինօ իր պաշտօնը ստանձնեց յունուար 2021-ին: