Մանչեսթըր Եունայթըտի սերպ միջնապահ Նեմանիա Մաթիչ պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ Ա. Էս. Ռոմա, այս մասին յայտնեց հռոմեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
33 տարեկան Մաթիչ, որ պիտի կրէ թիւ 21 մարզաշապիկը, նախապէս իրեն մարզիչ ունեցած է Ա. Էս. Ռոմայի այժմու մարզիչ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոն, երբ անոնք երկուքը մաս կը կազմէին Մանչեսթըր Եունայթըտին եւ Չելսիին:
Նշենք, որ Մաթիչի պայմանագրութիւնը Եունայթըտի հետ իր աւարտին կը հասնի 30 յունիսին, որմէ օր մը ետք` ուրբաթ, 1 յուլիսին, ան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ պիտի միանայ Ա. Էս. Ռոմային:


