Հայրենի կեդրոնի յետսապահ Արթուր Քարտաշեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մաս պիտի կազմէ արտասահմանեան ակումբի մը:
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Նիկոսիոյ Օլիմփիաքոսին հետ:
Ան կիպրական ակումբին պիտի միանայ իր արձակուրդէն երկու շաբաթ ետք, երբ պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու:
Օլիմփիաքոս, որ երեք անգամ հանդիսացած է Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեան, նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ 9-րդ:
Քարտաշեան, որ Փիւնիկի սան է, անոր հետ կատարած է 108 մրցում եւ տիրացած 3 տիտղոսի:
Նախորդ տարեշրջանին ան մաս կազմեց Սեւանի եւ Նոայի:
Նշենք, որ ան Հայաստանի ազգային հաւաքականին շապիկը կրած է մէկ անգամ եւ նշանակած կոլ մը: