Նախորդ շաբաթավերջին Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 76-49 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ինտոնեզիոյ դէմ:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբին մաս կազմող Սէրուժ Աւետիսեան (19 կէտ), մինչ անոր խմբակից Ռայան Հաշեմ նշանակեց 16 կէտ:
Այսօր` երեքշաբթի, 14 յունիսին Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Իրանի դէմ, ժամը 20:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ Ասիոյ այս ախոյեանութեան (ընդամէնը 13 խումբ), կիսաւարտականին հասնող չորս խումբերը կ՛ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը. ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2-10 յուլիսին, Մալակայի մէջ (Սպանիա):