Երէկ երեկոյեան «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սկովտիա հանդիպումը:
Անիկա աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով:
Մրցումին 7-րդ վայրկեանին, լեհական Փոկոնի միջնապահ Վահան Բիչախչեան նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` փոխանցում մը ստանալէ ետք Տիգրան Բարսեղեանէն:
Սակայն հակառակ ասոր, հիւր կազմը պատասխանեց չորս անգամ, յաջորդաբար` 14-րդ, 45+1-րդ, 50-րդ եւ 54-րդ վայրկեաններուն:
Մրցումին 44-րդ վայրկեանին, Փիւնիկի յետսապահ Արման Յովհաննիսեան իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով օրուան իրաւարարին կողմէ ստացաւ կարմիր քարտ մը:
Հայրենի կազմը մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով, երբ կորսուած վայրկեաններուն այս անգամ Կամօ Յովհաննիսեան ստացաւ կարմիր քարտ մը:
Նշենք, որ երթին եւս Սկովտիա իր դաշտին վրայ արձանագրած էր յաղթանակ մը` 2-0 արդիւնքով:
Հայաստան, որ իր կատարած զտումի առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, այսպիսով կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստան 24 սեպտեմբերին կը հիւրընկալէ Ուքրանիան, որմէ երթին կրած էր 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: