Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Իրանի դէմ, անկէ կրեց 73-56 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռայըն Հաշեմ (14 կէտ):
Սակայն հակառակ իր կրած այս առաջին պարտութեան, Լիբանան պիտի շարունակէ մրցաշարքը, երբ վաղը` հինգշաբթի, 16 յունիսի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի մրցի Քաթարի դէմ, ժամը 20:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Այս մրցումին յաղթականը պիտի ապահովէ քառորդ աւարտականի իր տոմսը: