Գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթին համաձայն, «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Վերտըր Պրեմըն բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ գերմանական Հոֆընհայմի յառաջապահ Սարգիս Ադամեանով:
Նշենք, որ Ադամեան դարձեալ պիտի շարունակէ իր ելոյթները եւ դաշտ պիտի ներկայանայ Հոֆընհայմի հետ, որուն հետ մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է:
Ան 2021-2022 տարեշրջանի երկրորդ կէսին համար փոխ տրուեցաւ պելճիքական Ֆ. Ք. Պրիւժին, որուն հետ հանդիսացաւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան:
Վերջինիս հետ ան 16 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը: