Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին հասաւ Կարէն Ասրեանի ճատրակի 13-րդ միջազգային յուշամրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Իր կատարած վերջին մրցումին, Շանթ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Արթուր Դաւթեանի հետ, տիրացաւ տիտղոսին` ապահովելով 7,5 կէտ:
Սարգսեան, որ մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան (6 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն), արժանացաւ նաեւ 3 միլիոն դրամ պարգեւավճարի:
Արթուր Դաւթեան 7 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը` լրացուցիչ ցուցանիշով գերազանցելով իրանցի Ամին Թափաթապատէն:
Անոնք երկուքը 1,75-ական միլիոն դրամ պարգեւավճար ստացան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, տիտղոսին տիրացաւ Մարիա Մկրտչեան (6 կէտ), որ իր կարգին ստացաւ դրամական պարգեւավճար: