Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 5 օգոստոսին մեկնարկը պիտի տրուի Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2022-2023 տարեշրջանին:
Բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Քրիսթալ Փալաս եւ Արսենալ, մինչ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 28 մայիս 2023-ին:
Ախոյեանութիւնը 12 նոյեմբերէն 26 դեկտեմբեր դադար պիտի առնէ` Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին պատճառով:


