Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շարքը երէկ սկսաւ Գեղարքունիքի մարզի Ծովագիւղ համայնքէն, ուր համաշխարհային ֆութպոլի անցեալի աստղեր բարեկամական մրցում մը կատարեցին նոր մարզադաշտին մէջ:
«ՖԻՖԱ-աշխարհ» խումբին մաս կազմեցին Արսէն Բեգլարեան, Լեւան Քոպիաշվիլի, Ֆեռնանտօ Հիերօ, Ալեքսանտր Իաշվիլի, Թիմ Քահիլ, Ռայըն Նելսըն եւ խումբի խմբապետ, ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ:
Իսկ Հայաստանի խումբին մաս կազմեցին Ռոման Պերեզովսքի, Յարութիւն Վարդանեան, Ռազմիկ Գրիգորեան, Ալպերթ Սարգսեան, Անտրէյ Մովսէսեան, Եուրա Մովսիսեան, Էտկար Մանուչարեան եւ խումբի խմբապետ Եուրի Ճորքայէֆ:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ 8-8 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:


