Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը սահմանեց ակումբի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի փոխանցման արժէքը, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ իր ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը տալու համար միւնիխեան ակումբը կը պահանջէ 50 միլիոն եւրօ:
«Թրանսֆերմարքեթ» Լեւանտովսքիի փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 45 միլիոն եւրոյով:
33 տարեկան Լեւանտովսքիի գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 2023-ի ամրան:
Նշենք, որ ան 2021-2022 տարեշրջանին Պայէրնի հետ իր կատարած 46 մրցումին ընթացքին նշանակեց 50 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Լեւանտովսքի փափաք յայտնած է միանալու Պարսելոնային: