«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած Ֆրանսա-Խրուաթիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Ա. դասակարգի Ա. խմբակի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին Խրուաթիոյ յաղթանակով, 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը 5-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ:
Այսպիսով, աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսա ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի` արձանագրելով երկու հաւասարութիւն եւ կրելով երկու պարտութիւն:
Առաջին դիրքը 9 կէտով կը գրաւէ Դանիա, Խրուաթիա 7 կէտով երկրորդ է, Աւստրիա երրորդ` 4 կէտով, մինչ Ֆրանսա կը գտնուի վերջին դիրքին վրայ` երկու կէտով:
Այս խմբակին 5-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 22 սեպտեմբերին: