Մալթայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ 4 մետալի (2 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ):
Տղոց մրցումներուն, ոսկի մետալի տիրացաւ Գոռ Բեգլարեան` մէկ քայլ ոստումի մրցումներուն արձանագրելով 7,59 մեթր արդիւնք մը:
800 մեթր վազքի մրցումներուն, Երուանդ Մկրտչեան արձանագրելով 1′ 50” 79 արդիւնք մը, տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Իսկ աղջկանց մրցումներուն, 800 մեթր վազքի մրցումին, Էլլադա Ալավերդեան արձանագրելով 2′ 13” 38 արդիւնք մը, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Վերջապէս, 400 մեթր վազքի մրցումին, Գայեանէ Չիլոյեան տիրացաւ արծաթ մետալին` արձանագրելով 55” 64 արդիւնք մը:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 15 մարզիկով (8 տղաք եւ 7 աղջիկներ):