Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Զաւէն Բադոյեան, որ մաս կը կազմէ ղազախական Աքժայիքին, յաջողեցաւ նշանակել իր առաջին կոլը, երբ Ղազախստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, անոր կազմը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Քիզիլ Ժարիի դէմ:
58-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Բադոյեան, մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
32 տարեկան Բադոյեան, որ նախապէս մաս կը կազմէր Չարենցաւանի Վանին, նախորդ 12 ապրիլին իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Աքժայիքին: