Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ալանիա Վլատիքաւքազ, որ հիւրընկալեց Ենիսէյ Քրասնոյարսքը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հայրենի միջնապահ Արթուր Գալոյեան, որ Ենիսէյի իր կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 9-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը:
Նշենք, որ 23 տարեկան Գալոյեան 2-րդ հանգրուանի մրցումին եւս կոլ մը նշանակած էր, ինչպէս նաեւ դարձած էսիսթի հեղինակ` Ռոտինայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-1):
Ենիսէյի դէմ կատարուած մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ միջնապահ Արթուր Առուստամեան, որ դաշտ ներկայացաւ 46-րդ վայրկեանին: