«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի կրկնակի ախոյեան Ֆերնանտօ Ալոնսօ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ ելոյթ պիտի ունենայ Ասթոն Մարթին խումբին հետ, այս մասին յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը, որուն մասրամասնութիւնները չհրապարակուեցան:
Անգլիական խումբին հետ սպանացի վարորդը պիտի ըլլայ «Ֆորմիւլա-1»-ի քառակի ախոյեան, գերմանացի Սեպասթիան Վեթելը փոխարինողը: Վեթել յայտարարած էր, թէ այս տարեշրջանին աւարտին վերջ մը պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Նշենք որ 41 տարեկան Ալոնսօ 2020-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Ռընոյի հետ:


