Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան` «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած անցեալի անուանի պասքեթպոլիստ Պիլ Ռասըլ, նախանցեալ օր կեանքէն հեռացաւ իր 88 տարեկան հասակին:
Ռասըլ Պոսթըն Սելթիքսի յաջողութեան կարեւոր կերտիչներէն մէկը եղած է եւ անոր հետ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 11 անգամ հանդիսացած է «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ախոյեան:
Իսկ իբրեւ մարզիչ ան երկու անգամ հանդիսացած է երկրի ախոյեան` Պոսթըն Սելթիքսի հետ:
Ան հինգ անգամ տիրացած է «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ամէնէն արժէքաւոր խաղացողի տիտղոսին, իսկ 1956-ին Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի հաւաքականին հետ հանդիսացած է ողիմպիականի ախոյեան: