Մոնաքոյէն հեռացած սպանացի 35 տարեկան միջնապահ Սեսք Ֆապրեկաս, իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, միացաւ իտալական Քոմօ ֆութպոլի ակումբին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Սպանացի ֆութպոլիստը եւ իտալական ակումբը իրարու հետ կնքեցին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, որ իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2024-ին:
Պարսելոնայէն բացի ան մաս կազմած է նաեւ Արսենալին եւ Չելսիին:
Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մեկնարկը կը տրուի 12 օգոստոսին, մինչ անոր նոր ակումբին առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Քալիարի:


