Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Փարիզ Սեն Ժերմեն հանդիսացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիրը` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նանթին:
Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց պրազիլցի Նէյմար:
Ինչպէս կը յայտնէ «Կլոպօ», իր նշանակած այդ երկու կոլերուն շնորհիւ, պրազիլցին այսպիսով գերազանցեց փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոն` աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր նշանակած կոլերուն քանակով:
Այսպիսով, տարբեր մրցաշարքերու 35 աւարտականներուն ընթացքին Նէյմար նշանակած է 21 կոլ, իսկ Ռոնալտօ նոյնքան մրցումներու ընթացքին` 20 կոլ:
Գործող ֆութպոլիստներէն տարբեր մրցաշարքերու աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին ամէնէն շատ կոլը 46 մրցումի ընթացքին նշանակած է արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (32 կոլ):