Նախորդ ամսուան ընթացքին թէեւ ընդհանրապէս խօսուեցաւ քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող նետերլանտցի միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկի մասին, սակայն անոր ապագան ցարդ կը մնայ անորոշ եւ ցարդ յստակ չէ, թէ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը ո՛ր ակումբին հետ պիտի շարունակէ:
Ըստ սպանական մարզական մամուլին, ան կ՛ուզէ քննարկել միայն երկու ակումբի` Պայէրն Միւնիխի եւ Չելսիի առաջարկները, ամբողջութեամբ մերժելէ ետք Մանչեսթըր Եունայթըտի առաջարկը:
Տը Եոնկ, որ ցարդ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ունի ստորագրուած Պարսելոնայի հետ, ակումբին ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներէն մէկն է:
Միջնապահին փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 60 միլիոն եւրոյով: