Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ «Ֆեռարի-ԷՖ.-300»-ը, որ գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի ինքնաշարժն էր 1998-ին, հանուած է աճուրդի:
Եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Շումախըր այդ ինքնաշարժով չորս տարեշրջանի ընթացքին հանդիսացած էր ախոյեան:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շատ հաւանական է, որ անոր այդ ինքնաշարժը ծախուի 5-6,5 միլիոն սթերլինկի:
«Մոթոր Սփոր Մակազին» կը յայտնէ, որ Շումախըր այդ ինքնաշարժը 1999-ին ծախած էր:
18-20 օգոստոսին Մոնթերէյի մէջ (Քալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ) տեղի պիտի ունենայ այդ ինքնաշարժին աճուրդը:


