Եուվենթուսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը պայմանագրութիւնը խզեց Աարոն Ռեմսիի հետ:
Կողմերուն միջեւ համաձայնագիրը նախատեսուած էր մինչեւ 2023:
Նշենք, որ ան յունուար 2022-ին փոխ տրուած էր սկովտիական Ռէյնճըրզին:
31 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2019-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Եուվենթուսի հետ, 69 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:
Երէկ յստակացաւ, որ ֆութպոլիստը միացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Նիսին` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ:


