Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը իր կատարած վերջին մրցումին (աւարտական) 85-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սուրիոյ, հանդիսացաւ ախոյեան:
Նախքան Սուրիոյ յաղթելը, Լիբանան յաղթած էր Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Իրաքի (Ա. հանգրուանի մրցումներուն), ապա` դարձեալ Պաղեստինի (կիսաւարտական) եւ Սուրիոյ (աւարտական):
Հանդիսանալով Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան` այսպիսով Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այս ամիս, Իրանի մէջ: