Ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռանալէն ետք այժմ կը նկատուի ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին, կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Սպանիոյ մէջ:
Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, 35 տարեկան Քաւանի կ՛ուզէ միանալ Ռէալ Մատրիտին, նոյնիսկ եթէ նկատի առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ, սակայն անոր հետ փորձելով տիրանալ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:
Վերջին շրջանին Քաւանիով հետաքրքրուած էին նաեւ Վիարէալ եւ Մոնցա:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան Եունայթըտի հետ կատարեց 15 մրցում, նշանակեց երկու կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը: