15-21 օգոստոսին գերմանական Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց այն մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հոն կատարուելիք մեծերու եւ երիտասարդական ախոյեանութեան:
Մեծերու ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան` իրենց մարզիչ ունենալով Հայկ Նազարեանը եւ Աշոտ Գասպարեանը:
Իսկ երիտասարդներու ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Համլեթ Մանուկեան, Մամիկոն Խաչատրեան եւ Էրիկ Բաղդասարեան` իրենց մարզիչ ունենալով Արտակ Այդինեանը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան լաւապէս պատրաստուելու համար, երկու հաւաքականները նախորդ ամսեվերջին սկսան ուսումնամարզական հաւաքի մը` Թիֆլիսի մէջ: Հաւաքը պիտի աւարտի 14 օգոստոսին:


