Գրենիկ Պետրոսեան Վերադարձաւ Փիւնիկ Երեւան
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 20 տարեկան յառաջապահ Գրենիկ Պետրոսեան, որ փոխ տրուած էր Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին, վերադարձաւ իր մաս կազմած ակումբին: Պետրոսեան, որ Փիւնիկի սան է, իր նորամուտը նշեց 16 տարեկանին, երբ 19 սեպտեմբեր 2018-ին դաշտ ներկայացաւ Ալաշկերտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին հետ իր...




















