Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան հեռացաւ Ալաշկերտէն եւ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի հետ:
Այս տարեշրջանին ան Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով մասնակցեցաւ երեք մրցումի:
Ան Ալաշկերտին միացաւ փետրուար 2022-ին` տեղափոխուելով Նոայէն:
34 տարեկան Կարապետեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ցարդ կատարած է 25 մրցում եւ նշանակած 6 կոլ: