Մարզական

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Խաչանով Եւ Մետվետեւ Ապահովեցին  Դ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Խաչանով Եւ Մետվետեւ Ապահովեցին Դ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

- Սերենա Ուիլիամզ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող Միացեալ Նահանգներու թենիսի ախոյեանութեան (ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ») Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ մրցեցաւ Ու Իպինի դէմ (Չինաստան), արձանագրեց 6-4, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Դ. հանգրուանի մրցումներուն, 26 տարեկան Մետվետեւի մրցակիցը պիտի ըլլայ 25-րդ դասուած աւստրալիացի Նիք Քիրիոս,...

«Պունտըսլիկա».  Քէօլնի Յաղթանակը Եւ Ադամեանի Կոլը

«Պունտըսլիկա». Քէօլնի Յաղթանակը Եւ Ադամեանի Կոլը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քէօլն, որ հիւրը եղաւ Վոլֆսպուրկին, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին չորրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Սարգիս Ադամեան` 81-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Ադամեան դաշտ ներկայացաւ 65-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, Քէօլն, որ ցարդ պարտութիւն չէ կրած, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը եւ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 9 կէտ: Երկրին գործող...

Տիգրան Բարսեղեան Կերտեց  Սլովանի Յաղթանակը

Տիգրան Բարսեղեան Կերտեց Սլովանի Յաղթանակը

Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան, որ հիւրը եղաւ Տուքլա Պանսքա Պիսթրիքային, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սլովանի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, 65-րդ վայրկեանին: 2022-2023 տարեշրջանին հայրենի ֆութպոլիստը իր կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն գծով մասնակցեցաւ 14 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ: Այստեղ նշենք, որ Սլովան, «ԵՈՒ. Է....

Վահան Բիչախչեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Վահան Բիչախչեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Լեհական Փոկոն ֆութպոլի խումբի միջնապահ Վահան Բիչախչեան նախորդ շաբաթավերջին հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի ազգային հաւաքականը այս ամսուան աւարտին ֆութպոլի երկու մրցում ունի կատարելիք «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ: 24 սեպտեմբերին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ուքրանիան, իսկ այս մրցումէն երեք օր ետք հիւրը պիտի ըլլայ Իրլանտայի:

«Քալչիօ».  Ինթեր Միլան Պարտուեցաւ  Միլանօ Քաղաքի Տերպիի Մրցումին

«Քալչիօ». Ինթեր Միլան Պարտուեցաւ Միլանօ Քաղաքի Տերպիի Մրցումին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 5-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ հանեց երկրի ախոյեան Ա. Սէ. Միլանն ու փոխախոյեան Ինթեր Միլանը: Միլանօ քաղաքի տերպիի այս մրցումը աւարտեցաւ գործող ախոյեանին յաղթանակով, որ արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր` Ինթերի կազմէն, դաշտ ներկայացաւ 63-րդ վայրկեանին: Յաղթական կազմին...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0  Արդիւնքով Յաղթեց Նանթին

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0 Արդիւնքով Յաղթեց Նանթին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Նանթին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քիլիան Էմպափէ (18-րդ եւ 55-րդ) եւ Նունօ Մենտես (68-րդ): Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ նշանակուած երկու կոլերուն էսիսթը կատարեց, այսպիսով ցարդ տարեշրջանին մեկնարկէն սկսեալ կատարած եղաւ իր վեցերորդ էսիսթը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ...

«Լա Լիկա».  Ախոյեան Ռէալ Մատրիտի  Յաջորդական Չորրորդ Յաղթանակը

«Լա Լիկա». Ախոյեան Ռէալ Մատրիտի Յաջորդական Չորրորդ Յաղթանակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Ռէալ Պեթիսը, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով: Արքայական ակումբին կոլերը նշանակեցին Վինիսիուս Ժունիոր (9-րդ) եւ Ռոտրիկօ (65-րդ), իսկ Պեթիսի միակ կոլը` Սերճիօ Քանալես (17-րդ): Երկրին փոխախոյեանը` Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Սեւիլլային, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռաֆինիա (21-րդ), Ռոպերթ Լեւանտովսքի (36-րդ) եւ Էրիք...

Մարսելլօ Միացաւ Օլիմփիաքոսին

Մարսելլօ Միացաւ Օլիմփիաքոսին

Պրազիլցի յետսապահ Մարսելլօ, որ հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն, ունեցաւ իր նոր ակումբը: Ան միացաւ յունական Օլիմփիաքոսին` անոր հետ ստորագրելով մէկ տարուան պայմանագրութիւն: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտի պատմութեան մէջ ան ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած ֆութպոլիստն է: Ան արքայական ակումբին հետ տիրացած է 25 տիտղոսի:

Ճատրակ. Տուպայի Մրցաշարք.  Յակոբեան Եւ Տէր Սահակեան  Հաւասարութիւն Արձանագրեցին

Ճատրակ. Տուպայի Մրցաշարք. Յակոբեան Եւ Տէր Սահակեան Հաւասարութիւն Արձանագրեցին

«Տուպայ-Օփըն»-ի ճատրակի 22-րդ միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Արամ Յակոբեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն հաւասարութիւն արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ: Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի նախկին անդամ, այժմ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող Վլատիմիր Յակոբեան, իր կարգին այս հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ զուիցերիական դրութեամբ, մինչ անոր իրենց մասնակցութիւնը կը...

Աղջկանց 2023-ի Մոնտիալ  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Պարտուեցաւ Քոսովոյէն

Աղջկանց 2023-ի Մոնտիալ Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Քոսովոյէն

Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիսթինայի մէջ տեղի ունեցած Քոսովօ-Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ 2023-ի աղջկանց Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Զ. խմբակին 9-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Քոսովոյի ֆութպոլիստներուն կողմէ` նկատի ունենալով, որ այդ կոլերէն մէկը եղաւ ինքնակոլ: Նշենք, որ հայրենի կազմը, որ ցարդ իր կատարած բոլոր 9 մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Նատալ Եւ Ալքարաս Ապահովեցին  Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Նատալ Եւ Ալքարաս Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) շարունակուող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ երէկ ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 2-6, 6-4, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք 60-րդ դասուած իտալացի Ֆապիօ Ֆոնյինիին: Գ. հանգրուանի մրցումներուն, 36 տարեկան Նատալի մրցակիցը պիտի ըլլայ 91-րդ դասուած 36...

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Երկարաձգել  Պենզեմայի Պայմանագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Երկարաձգել Պենզեմայի Պայմանագրութիւնը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ երկարաձգել ֆրանսացի իր յառաջապահին` Քարիմ Պենզեմայի պայմանագրութիւնը: Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար, ֆութպոլիստը շուտով ստորագրէ նոր պայմանագրութիւն մը, որ իր աւարտին կը հասնի 2023-ին: Ակումբին նախագահն ու մարզիչը գոհ ըլլալով Պենզեմայի խաղարկութենէն, կը փափաքին անոր պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգել: Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, ան ցարդ իր կազմին հետ չորս մրցումի ընթացքին նշանակած է...

Օպամեյանկ Միացաւ Չելսիին

Օպամեյանկ Միացաւ Չելսիին

Կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ լոնտոնեան Չելսի` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ, յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 33 տարեկան ֆութպոլիստը այս փոխանցումէն ետք յայտարարեց, որ ինքզինք շատ ուրախ կը զգայ Անգլիա վերադառնալու համար: Ան յունուար 2018-էն ի վեր հանդէս եկաւ լոնտոնեան այլ կազմի մը` Արսենալի հետ: Յունուար 2022-ին ան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Պարսելոնային,...

Ուիլիան Միացաւ Անգլիական Ֆուլհեմին

Ուիլիան Միացաւ Անգլիական Ֆուլհեմին

Պրազիլցի յառաջապահ Ուիլիան, որ նախապէս մաս կը կազմէր Չելսիին, միացաւ լոնտոնեան այլ ակումբի մը` Ֆուլհեմին, այս մասին յայտնեց այս վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023-ի ամառ: Ան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր նոր ակումբին հետ առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու այս տարեշրջանին: Նշենք, որ ան պրազիլական Քորինթիանսի ֆութպոլի սան է:  

Զինետտին Զիտանի Որդին  Միացաւ Սպանական Էյպարին

Զինետտին Զիտանի Որդին Միացաւ Սպանական Էյպարին

Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Զինետտին Զիտանի որդին` Լուքա Զիտան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ սպանական Էյպարի հետ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: 24 տարեկան սպանացի բերդապահին ստորագրած պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2024-ին: Նշենք, որ Լուքա, որ հանդէս պիտի գայ թիւ 25 մարզաշապիկով, անցեալին հանդէս եկած է նաեւ սպանական երկու այլ ակումբներու` Ռասինկի եւ Ռայօ Վայեքանոյի...

Քարլոս Սոլեր Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին

Սպանական Վալենսիայի միջնապահ Քարլոս Սոլեր, նախքան ֆութպոլիստներու ամառնային փոխանցման ժամկէտին աւարտիլը, միացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին: 25 տարեկան ֆութպոլիստը մայրաքաղաքի կազմին հետ ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, փարիզեան ակումբը անոր փոխանցման համար վճարեց 18 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ ան «Լա Լիկա»-ի նախորդ տարեշրջանին 32 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Լիբանանի 44-րդ  Միջազգային Ռելիին Բացման`  Ցուցադրական Հանգրուանի Մրցումը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Լիբանանի 44-րդ Միջազգային Ռելիին Բացման` Ցուցադրական Հանգրուանի Մրցումը

Ինչպէս ծանօթ է, 2-4 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 44-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Անոր մեկնարկը պիտի տրուի այսօր` ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, ժամը 20:50-ին, երբ տեղի պիտի ունենայ բացման ցուցադրական հանգրուանի մրցումը, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ` Քասլիք: Նախքան այս մրցումին սկսիլը, տեղի պիտի ունենայ դասական ինքնաշարժներու ցուցադրական շրջագայութիւն մը...

Հայաստանի Կառավարութիւնը 600 Միլիոն  500 Հազար Դրամ Յատկացուց Հայաստանի  Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնին

Հայաստանի Կառավարութիւնը 600 Միլիոն 500 Հազար Դրամ Յատկացուց Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնին

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին որոշուեցաւ 600 միլիոն 500 հազար դրամ յատկացնել Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին, որպէսզի կարելի ըլլայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 2023 տարուան ախոյեանութեան պատրաստութեան համար, հարկ եղած գոյքերը ապահովել: Նշուեցաւ նաեւ, որ կը նախատեսուի 2 միլիառ 232 միլիոն դրամի շրջանակին մէջ ապահովել շարք մը կրթական, մարզական եւ մշակութային հաստատութիւններու շինարարական աշխատանքներու կատարումը եւ նախագծումը:    

ՖԻՏԷ.  Գաբրիէլ Սարգսեան` 32-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Գաբրիէլ Սարգսեան` 32-րդ Դիրքին Վրայ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) հրապարակած սեպտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի երեք ներկայացուցիչ: Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 32-րդ դիրքը, Հայկ Մարտիրոսեան` 80-րդ դիրքը, իսկ Շանթ Սարգսեան` 87-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, մինչ նախապէս Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս եկող Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 8-րդ դիրքը: Նոյնն է պարագան...

Արսէն Զախարեանի Չելսի Տեղափոխութիւնը  Չկատարուեցաւ` Թեքնիք Պատճառներով

Արսէն Զախարեանի Չելսի Տեղափոխութիւնը Չկատարուեցաւ` Թեքնիք Պատճառներով

Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ազգային խումբի 19 տարեկան միջնապահ Արսէն Զախարեանի լոնտոնեան Չելսի տեղափոխութիւնը չկատարուեցաւ թեքնիք պատճառներով: Նշուեցաւ, որ ան պիտի տեղափոխուէր անգլիական ակումբ, եթէ անոր փոխանցման գումարը վճարուէր ռուսական ակումբին: Նկատի առնելով, որ անգլիական կառավարութիւնը Ռուսիոյ դէմ որդեգրած է տնտեսական եւ դրամատուներու համակարգին դէմ տարբեր տեսակի պատժամիջոցներ, կարելի չեղաւ ճիշդ ժամանակին ռուսական ակումբին վճարել այդ գումարը: Չելսի պատրաստ էր...

Page 370 of 1280 1 … 369 370 371 … 1,280

Արխիւներ