Աղջկանց Տիտղոսակիրը
Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ երէկ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութեան («ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ») Ա. հանգրուանի մրցումներուն, 198-րդ դասուած աւստրալիացի Ռինքի Հիցիքաթայի դէմ արձանագրեց 4-6, 6-2, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն Նատալի մրցակիցը պիտի ըլլայ 60-րդ դասուած սպանացի Ֆապիօ Ֆոնյինի, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ռուս Ասլան Քարացեւի դէմ:
Աղջկանց մրցումներուն, 40-րդ դասուած ֆրանսացի Ալիզէ Քոռնէ ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց նախորդ տարուան տիտղոսակիրին, անգլիացի Էմմա Ռատուքանուին (11-րդ):
Մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին եօթը կրան շլեմի տիտղոսի տիրացած 42 տարեկան ամերիկացի Վինըս Ուիլիամզ, որ իր պարտութիւնը կրեց պելճիքացի Էլիսոն Վան Էյթվանկէն:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի 11 սեպտեմբերին:


