«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի անցեալի անուանի խաղացող Տենիս Ռոտմանի դուստրը` Թրինիթի Ռոտման, հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Թրինիթի 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ուաշինկթընի հետ` տարեկան 281 հազար ամերիկեան տոլար աշխատավարձով:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ալեքս Մորկանին եւ Մեկան Ռափինիոյին, որոնք տարեկան ունէին 250 հազար ամերիկեան տոլար աշխատավարձ:
Մինչեւ իր նոր պայմանագրութիւնը ստորագրելը, 20 տարեկան Թրինիթիի տարեկան աշխատավարձը կը կազմէր 42 հազար ամերիկեան տոլար:


